2015-01-17 08:27:48

Ֆրանչիսկոս Պապը Թաքլոպանի մէջ` ''խօսքեր չունիմ ձեր ցաւը կիսելու համար''


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 17 յունուար 2015-ի առաւօտեան Նորին Սրբութիւնը, Մանիլայէն մեկնելով օդանաւով տեղափոխուեցաւ ''Թաքլոպան'' որ կը գտնուի Մանիլայէն 650 քմ հեռաւորութեան վրայ եւ որ 2013-ին հանդիսացաւ ''Եոլանտա'' Թիֆոնի հարուածին կեդրոնը, որ պատճառեց 6 հազար մեռեալ ու ահաւոր աւերներ գործեց համայն կղզիի տարածքին։
Ֆրանչիսկոս Պապին Թաքլոպանի այս այցելութիւնը` առաքելական ճամբորդութեան կեդրոնական հանգրուաններէն մին նկատուած էր որուն ընթացքին բացի Սուրբ Պատարագի արարողութենէն Նորին Սրբութիւնը, Կղզիին մէջ հանդիպումներ պիտի ունենար Թիֆոնէն վերապրող 30 ընտանիքներուն հետ ինչպէս նաեւ թեմի կղերական դասին հետ, սակայն կղզին հարուածող ծանր փոթորիկի մը պատճառաւ օրուան բոլոր յայտագիրը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ եւ Նորին Սրբութիւնը ժամանակէն առաջ ստիպուած եղաւ կղզին թողուլ ու վերադարձ կատարել Մանիլա։
Սուրբ Պատարագի զոհէն ետք, կղզիէն չմեկնած, Սրբազան Հայրը, շատ հակիրճ արարողութեամբ օրհնեց աղքատներուն նուիրուած ''Pope Francis Center for the Poor'' կեդրոնը ու ապա արագ հանդիպում մը ունեցաւ Փալոյի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած տեղական կղերի անդամներուն հետ հուսկ հրաժեշտ առաւ ու մեկնեցաւ։
Տեղատարափ անձրեւի տակ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մէկդի դնելով անգլերէն լեզուով պատրաստուած պաշտօնական քարոզը խնդրեց անպատրաստից խօսիլ սպաներէն լեզուով, բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ որոնք հակառակ մրրիկին ու փոթորիկին Թաքլոպանի օդակայանին տարածքին կը գտնուէին, մասնակցելու Ֆրանչիսկոս Պապին մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեան։
Չէի կրնար հոս չի գտնուիլ այսօր - ըսաւ Քահանայապետը հայեացքը ուղղելով իր դիմաց գտնուող հաւատացեալներուն որոնք ամենայն լռութեամբ կը հետեւէին արարողութեան եւ որոնց աչքերը լի էին հին ու նոր արցունքներով։
Չէի կրնար հոս չի գտնուիլ այսօր։ Երբ այս ահաւոր աղէտին լուրը իմացայ, իղձը զգացի ձեր մէջ գտնուելու։ Այն օրն է որ որոշեցի այս ճամբորդութիւնը կատարել։ Հոս եկայ ձեր հետ մնալու թէեւ երկար չեմ կրնար մնալ բայց վստահ եղէք որ Յիսուս ձեր հետ կը մնայ։ Ես եկայ ձեզի ըսելու որ Յիսուս ձեր հետն է։ ''Մենք Աստուած մը ունինք որ մեր հետ կարող է արտասուել ու մեզի կ՛ընկերանայ կեանքի դժուար պահերու ընթացքին'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, մատնանշելով թէ հոն ներկայ գտնուողներէն շատեր կորսնցուցին ամէն ինչ։ Ես`, ըսաւ Քահանայապետը, չեմ գիտեր ինչ ըսել ձեզի բայց վստահ եմ որ Աստուած գիտէ ինչ ըսել։ Ձեզմէ շատերը կորսնցուցին իրենց հարազատները ու ես միայն կրնամ ձեզի նայիլ լռութեամբ ու ձեզի ընկերանալ սրտով միշտ լռութեան մէջ։ Վստահ եմ որ ձեզմէ շատեր` նայելով Քրիստոսին հարց տուին` ''Ի՞նչու Տէր'', եւ Տէրը ամէն մէկուն սրտին պատասխան մը կու տայ։ Ես խօսքեր չունիմ փոխանցելիք։ Նայինք Քրիստոսին, Տիրոջ, Ան մեզ կը հասկնայ որովհետեւ ապրեցաւ խաչին փորձառութիւնը։ Այդ խաչին տակ կայ նաեւ Մայրը, ու մենք մանուկներու կը նմանինք, երբ ցաւի պահուն չենք հասկնար թէ ինչ կը պատահի ու միայն իղձն ունինք մեր ձեռքը երկարելու եւ ըսելու ''Մայրիկ'', այնպէս ինչպէս մանուկ մը ''Մայրիկ'' կը բացագանչէ երբ վախի մէջ է։ Ահա այս է միակ բառը որ կրնամ փոխանցել այս խաւար պահուն ընթացքին` ''Մայրիկ` մամա''։
Այժմ աղօթենք լռութեամբ, հրաւէր ուղղեց ապա Քահանայապետը իր անպատրաստից քարոզի աւարտին, նայինք Տիրոջ` Ինք կրնայ մեզ հասկնալ ու նայինք մեր Մօր ու մանուկի մը նման ըսենք ''Մամա''։
Մենք միայնակ չենք, շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը, ունինք Մայր մը, ունինք Յիսուսը եւ ունինք բազմաթիւ եղբայրներ որոնք աղէտալի պահերուն եկան մեզի օգնութեան հասնելու որովհետեւ այս պահերուն մենք ամէնքս եղբայր ու քոյրեր կը դառնանք ։
Ներեցէք - ըսաւ ապա Քահանայապետը խօսքը եզրափակելով- եթէ ուրիշ խօսքեր չունիմ ըսելիք եթէ ոչ ձեզի վստահեցնել որ Յիսուսի սէրը ու մեր Մօր քնքշութիւնը մեզ չեն լքեր երբեք։








All the contents on this site are copyrighted ©.